2014-11-22 12:32:33

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ճառը` Առողջապահութեան գործիչներու Քահանայապետական խորհուրդի 29րդ համագումարի մասնակցողներուն։


Շաբաթ, 22 Նոյեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Առողջապահութեան Գործիչներու Քահանայապետական Խորհուրդի 29րդ Համագումարի մասնակցողներուն ուղղեց իր պատգամը։

2014 Նոյեմբերի 20-22, ''Առողջապահութեան Գործիչներու Քահանայապետական Խորհուրդը'' Վատիկանի մէջ կազմակերպեց 29րդ Միջազգային Համագումարը,, որուն քննարկման նիւթն էր ''ինքնափակութեամբ - աութիզմով'' տառապող անձերու յոյսի ներշնչումը։

Համագումարը նպատակ դրած էր ''քաջալերել եւ արթնացնել յոյսը ախտակիր անձերու մէջ''։

Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով վերոյիշեալ համագումարի մասնակիցները անոնց ուղղած իր ճառին մէջ ըսաւ՝ այսպիսի առողջական խանգարումներ բազմաթիւ երեխաներ դիւրաբեկ կը դարձնեն եւ ասոր հետեւանքով կ'ազդեն նաեւ իրենց ընտանիքներուն վրայ։ Այս հիւանդութեամբ տառապողները հարցականի տակ կը դնեն կառավարութիւններու եւ հաստատութիւններու, եւ յատկապէս քրիստոնեայ հասարակութիւններու պատասխանատուութիւնը։

Հարկաւոր է բոլորին համար զարկ տալ հիւրընկալման եւ զօրակցութեան արարքներու, մատուցանելով օգնութեան յստակ գործեր եւ նորապէս յոյս ներշնչել ։

Հարցը անանուն եւ դիմազուրկ խնամքի մասին չէ, այլ մանաւանդ նպատակ ունի ունկնդրելու խոր պահանջքներուն, որոնք արդիւնք են ''ինքնափակումի'' ախտաբանութեան։

Ախտաւորներու օգնութեան մէջ պէտք է ստեղծել զօրակցութեան եւ ծառայութիւններու ցանց մը, որ կը ներգրաւէ բաց ի ծնողներէն, նաեւ մեծ հայր եւ մեծ մայր, բարեկամներ, դարմանիչներ, դաստիարակներ եւ հովուական գործիչներ։ Ասոնք կրնան օգնել ընտանիքներուն կարենալ յաղթահարելու զգայնութիւնը, որ յառաջ կու գայ յուսալքումէ եւ կարողութեան անբաւարարութենէ։

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իրենց առօրեայ ցուցաբերած աշխատանքին՝ ընտանիքներուն, ժողովրդապետական խմբակցութիւններու եւ զանազան միութիւններու, որոնք այսօր ներկայ են այստեղ։

Կը քաջալերեմ մասնագէտներու եւ գիտնականներու պատասխանատու աշխատանքը, որ կարելիութեան սահմաններէն ներս շուտափոյթ յայտնաբերեն բուժման եւ օգնութեան միջոցներ, կարենալ բուժելու համար եւ առաւել եւս կանխարգիլելու այս խանգարումներու յայտնումը։ Բոլոր պարագաներուն՝ միշտ պէտք է նկատի առնել անհատի արժանապատուութիւնը։

Սրբազան Հայրը քաջալերական խօսքէն վերջ ըսաւ՝ ''Ձեզ բոլորդ կը յանձնեմ Տիրամօր պաշտպանութեան, եւ Ձեզի սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ձեր աղօթքներուն համար։

Ապա միասնական ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքով փակեց իր պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.